2011-01-11 11:36:19

Ռատիօվատիկանի Տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Քահանայապետը, աղքատներն ու մանուկները


Ծննդեան տօներու առթիւ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանրապէս կը հանդիպի ՜՜մանուկներու եւ չքաւորներու՝՝ իրենց հետ բաժնեկցելու սիրալիր պահեր։ Այս տարի եւս Նորին Սրբութիւնը 26 դեկտեմբերին Կալկաթայի Մայր Թերեզայի կեդրոններուն մէջ ապրող աղքատներուն հետ միասին ճաշեց, եւ 6 յունուարին այցելեց Ճեմելլի բազմաբուժարանի մէջ խնամուող մանուկները։
Ասիկա ՜՜իմաստալից՝՝ փոքր նշան մըն է. ձեւակերպութիւն մը չէ, այլ՝ եկեղեցւոյ էական կեանքին պատկանող` ու նաեւ Սրբազան Քահանայապետի ծառայութեան առաքելութեան կարեւոր իրողութիւն մը ։
՜՜Աստուած Սէր է. Աստուած Ողորմած է՝՝ ասիկա տիտղոսն էր Պենետիկտոս ԺԶ.ի կարեւոր առաջին գրութեան ։ Յիսուս յաճախ հանդիպեցաւ աղքատներու եւ հիւանդներու ու բաց թեւերով ընդունեց մանուկները որոնք իրեն կու գային։
Ծննդեան շրջանը հրաւէր մըն է զօրակցութեան եւ եղբայրօգնութեան։ Աստուած որ մանուկի կերպարանքով աշխարհ եկաւ, մեզ կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր մանուկի մէջ տեսնելու՝ իրեն նմանութիւնը, գուրգուրանքով եւ զգուշութեամբ ընկալելու ծնունդ առնող կեանքը որ կարօտը ունի հովանիի եւ հոգածութեան։Այս պատգամը վաւէր է տարւոյն ամէն մէկ օրուայ համար։ Եկեղեցին կ՛աղօթէ, կ՛ունկնդրէ Աստուծոյ խօսքը, Սուրբ հաղորդութեան միջոցաւ կը հանդիպի Աստուծոյ եւ կ՛ապրի գործող սիրով եւ այդ սիրոյն մէջ մանուկները առանձնաշնորհեալ են, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք մարդկօրէն կամ ընկերային գետնի վրայ մոռացութեան կը մատնուին։
Սրբազան Քահանայապետին ուղին ալ բնականօրէն կ՛անցնի այս սիրոյ ճանապարհէն ամէն ժամանակաշրջանի եւ ուխտագնացութեան ժամանակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.